«Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։ 16 դեկտեմբերի 2023թ. father_armen_melkonian/

ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ (Մատթ. 17։14-21, Ղուկ. 9։37-44ա.) 13 Աշակերտներուն քովը գալով՝ տեսաւ շատ ժողովուրդ անոնց բոլորտիքը եւ դպիրներ, որ վիճաբանութիւն կ՚ընէին անոնց հետ։ 14 Բոլոր ժողովուրդը, երբ տեսան զանիկա, խիստ զարմացան ու առաջ վազելով բարեւ կու տային անոր։ 15 Յիսուս հարցուց դպիրներուն. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ՚ընէիք անոնց հետ»։ 16 Ժողովուրդէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ 17 Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։ 18 Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. ինծի բերէք զանիկա»։ 19 Զանիկա բերին իրեն. երբ տղան տեսաւ Յիսուսը, շուտ մը չար ոգին ցնցեց զանիկա որը գետին ինկաւ, թաւալեցաւ ու փրփրեցաւ։ 20 Յիսուս հարցուց անոր հօրը ու ըսաւ. «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Տղայութենէն ի վեր։ 21 Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ. բայց եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ 23 Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։ 24 Յիսուս, երբ տեսաւ որ ժողովուրդը վրան կը դիզուի, սաստեց պիղծ ոգիին ու ըսաւ անոր. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյմըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ 25 Ոգին կանչուըռտելով՝ սաստիկ ցնցեց զանիկա ու ելաւ. Š
Back to Top